2013-09-02 12:24:42

Ամերիկեան Յարձակումին Յետաձգումէն Ետք. Հանգիստ Մթնոլորտ` Դամասկոսի Մէջ


Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ Դամասկոսի հասարակութեան մօտ բաւական հանգիստ մթնոլորտ կը տիրէ ամերիկեան յարձակումի յետաձգման լուրերէն ետք, հակառակ անոր որ վճռակամութեամբ եւ հաստատակամութեամբ կը դիմագրաւէր հարցը: Մայրաքաղաքին մէջ բնական շարժումը իր տեղը գտաւ:
Սուրիական պատկերասփիւռի կայանները միացուած հաղորդումներով կը ներկայացնեն ազգային երգեր եւ ծրագիրներ:
Միւս կողմէ, քաղաքացիական ընկերութեան մօտ նոր շարժում սկսած է «Մեր մարմիններուն վրայ» անունով, որ անհատական նախաձեռնութեամբ կազմակերպած է հաւաք մը, որուն մասնակցած անդամները իրենց մարմիններով վահաններ պիտի դառնան սուրիական զինուորական հիմնարկները պաշտպանելու նպատակով: Հիմնական նպատակը աշխարհին ուղերձ հասցնելն է, թէ սուրիացի քաղաքացիները ձեռնածալ պիտի չմնան ի տես Սուրիոյ դէմ կատարուած յարձակումին:
Իսկ անցնող երկու օրերուն հրասանդի հրթիռներ ինկան տարբեր թաղամասերու` Քուտսէայի եւ Ապպասիինի վրայ արձանագրելով վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ: Միեւնոյն ժամանակ սուրիական բանակը տակաւին կը շարունակէ իր զինուորական գործողութիւնները կարգ մը արուարձաններուն մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.